2012-08-07 12:43:12

Միջազգային Գիտաժողով Մը ''Պօղոս Զ եւ Ափրիկէ'' Նիւթին Մասին`


Ափրիկէի Կաթողիկէները Կը Վերակոչեն Պօղոս Զ-ի Սէրն Ու Հետաքրքրութիւնը Իրենց Ցամաքամասին Հանդէպ։
Ափրիկէի ցամաքամասէն աւելի քան 300 պատուիրակներ] միատեղ հաւաքուեցան Քենիայի մայրաքաղաքը` Նայրոպի մասնակցելու միջազգային գիտաժողով` ''Պօղոս Զ եւ Ափրիկէի Եկեղեցին'' նիւթին մասին։ Ափրիկեցի եկեղեցականներն ու մտաւորականները ընդգծեցին Պօղոս Զ.ի յանձնառումը հանդէպ Ափրիկէի։
''Իր քահանայապետութենէն առաջ իսկ, 1962-ին՝ ան շրջապտոյտ մը կատարած էր Ափրիկէի զանազան երկիրներու եւ իր քահանայապետութեան առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը եղաւ սրբադասումը 1964-ին՝ Ուկանտայի նահատակներու'', ըսաւ գերապայծառ Ճոն Օնայէքան։
՜՜Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի համար Ափրիկէի եկեղեցին երիտասարդ եկեղեցի մըն է որ կ'աշխատի ի գործ դնել Քրիստոսի երկեակ զօրութիւնը` Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը ու Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը'' իր կարգին յայտարարեց կարտինալ Բենկօ` առաջնորդը Տար էլ Սալամի։ Յայտնենք որ գիտաժողովի աշխատանքը կեդրոնացաւ չորս գլխաւոր կէտերու վրայ. միսիոնարական գործունէութեան աստուածաբանական հիմը, քրիստոնէական հաւատքի պատշաճեցումը, Եկեղեցւոյ պատասխանատութիւնը հանդէպ ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ նպաստը խաղաղութեան, արդարութեան, անհատներու բարգաւաճումին, ընտանիիքին ու դաստիարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.